Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Ֆերլան Մենտի, ձախ ազդրի վնասուածքի պատճառով շուրջ երկու ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ասիկա կը նշանակէ, որ 27 տարեկան ֆրանսացին իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Լիվըրփուլի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն («Չեմփիընզ Լիկ»):
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») գծով իր մասնակցութիւնը բերաւ 14 մրցումի:


