Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի փորթուգալցի յետսապահ Ժօա Քանսելօ փոխ տրուեցաւ Պայէրն Միւնիխին այս մասին յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահը դաշտ պիտի ներկայանայ թիւ 22 մարզաշապիկով:
28 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը, որմէ ետք Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանը իրաւունք կ՛ունենայ ձեռք ձգելու անոր ստորագրութիւնը:
Քանսելօ, որ 2019-ին Եուվենթուսէն տեղափոխուեցաւ Սիթի, վերջինիս հետ 26 մրցումի ընթացքին նշանակեց 2 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ:


