«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրը եղաւ Նիւ Եորք Նիքսին, արձանագրեց 129-123 արդիւնքով յաղթանակ մը` երկարաձգումէն ետք:
Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս այս տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (28 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ):
Հակառակ տարեշրջանի իր առաջին թրիփըլ տապըլը իրագործելուն, 38 տարեկան Ճէյմս «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատեց` նկատի ունենալով, որ ան հանդիսացաւ առաջին մարզիկը, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին 20 տարեշրջաններուն ընթացքին նուազագոյնը մէկ թրիփըլ-տապըլ կ՛իրագործէ` տարեշրջանի մը ընթացքին:
Նշենք սակայն, որ անոր կազմը այժմ բաւական մեծ դժուարութիւն կը դիմագրաւէ` ապահովելու համար փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը, նկատի ունենալով, որ այժմ կը գրաւէ արեւմտեան շրջանին 13-րդ դիրքը (առաջին տասը խումբերը կ՛անցնին յաջորդ հանգրուան):