Անցեալի անուանի թենիսվումըն, 18 կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքերու տիրացած 66 տարեկան չեխ Մարթինա Նաւրաթիլովա արդէն իսկ քանի մը շաբաթէ ի վեր կը պայքարի կոկորդի եւ կրծքագեղձի քաղցկեղի դէմ, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ իր որպիսութիւնը հարցնողներուն Նաւրաթիլովա ըսած է, որ իր ամէն կարելին կ՛ընէ դիմադրելու համար հիւանդութեան:
Նաւրաթիլովա կրծքագեղձի քաղցկեղի դէմ յաջող բուժում ունեցաւ 2010-ին, սակայն կոկորդի քաղցկեղը անոր մօտ առաջին անգամ ըլլալով կը յայտնուի:


