Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն մտադիր է ամրան ընթացքին անվճար ձեռք բերել Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող 27 տարեկան սպանացի միջնապահ Մարքօ Ասենսիոն` անոր ներկայացնելով բաւական կոկիկ առաջարկ մը:
Ասենսիոյի պայմանագրութիւնը արքայական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Ըստ սպանական մարզական մամուլին, Ռէալ թէեւ Ասենսիոյին առաջարկած է չորս տարուան պայմանագրութիւն, սակայն խաղացողին տարեկան աշխատավարձին հետ կապուած տարակարծութիւն կայ:


