Մարսէյ Բարձրացաւ Երկրորդ Դիրք
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ Մոնփելիէին, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` արձանագրելէ ետք 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ֆապիան Ռուիս (55-րդ), Լիոնել Մեսսի (72-րդ) եւ Ուորըն Զայիր-Էմերի (90+2-րդ):
Մրցումին 10-րդ վայրկեանին, Քիլիան Էմպափէ փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել:
Ան ազդրի վնասուածքի պատճառով 21-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Իր կարգին, վնասուածք ստանալով, 32-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ անոր խմբակից Սերճիօ Ռամոս:
Օգտուելով Լանսի կրած պարտութենէն (Նիսէն, 1-0 արդիւնքով), Մարսէյ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Նանթի դաշտէն, Լանսէն խլեց երկրորդ դիրքը:
Փարիզ Սեն Ժերմեն այժմ ունի 51 կէտ, Մարսէյ` 46 կէտ, իսկ Լանս` 45 կէտ:


