Ճափոնական Եոքոհամայի յառաջապահ Քազույոշի Միուրա, որ աշխարհի ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստն է, փոխ տրուեցաւ Փորթուգալի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող Օլիվէյրենսէի, այս գծով յայտնեց եւրոպական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ճափոնցին, որ մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը մաս պիտի կազմէ փորթուգալեան խումբին, 26 փետրուարին կը դառնայ 56 տարեկան:
Նշենք, որ ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսաւ 1982-ին:
«Թրանսֆերմարքթ» անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 100 հազար եւրոյով:


