Լոնտոնեան Թոթենհամի իտալացի գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ շատ հաւանաբար բացակայի Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունենալիք «Փրեմիեր Լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումէն:
Անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Քոնթէ, որ լեղապարկի վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի, նախքան բժիշկին դիմելը որովայնի զօրաւոր ցաւեր ունեցած է:
Նշենք, որ Թոթենհամ-Մանչեսթըր Սիթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 5 փետրուարին եւ պիտի սկսի ժամը 18:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):