Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած փետրուար ամսուան տղոց նոր դասաւորման մէջ, Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Եան Նեփոմնիաչի առաջին անգամ ըլլալով յայտնուեցաւ դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 2793 կէտ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ սովորականին նման կը գտնուի աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն (2852):
Իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Չինաստանի ներկայացուցիչ Տին Լերեն (2788):
Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի նախկին յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ այժմ հանդէս կու գայ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ, յայտնուեցաւ 17-րդ դիրքին վրայ (2736):
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 41-րդ դիրքը (2699), իսկ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան` 51-րդ դիրքը (2686):
Ինչ կը վերաբերի ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեանի, ան 50-րդ է (2687):


