Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ անցեալի անուանի մարզիչ Լեովա Վարդանեանի յիշատակին նուիրուած 23 տարեկանէն վար ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային յուշամրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 8 երկիրներէ շուրջ 130 ներկայացուցիչներ:
Այս յուշամրցաշարքը կատարուեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանին եւ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին աջակցութեամբ:
Երկրորդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցած այս յուշամրցաշարքին մասնակցեցան ըմբիշներ Մոլտովայէն, Պիելոռուսիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն, Հնդկաստանէն, Պահրէյնէն, Ռուսիայէն եւ Հայաստանէն:
Աւարտական մրցումներուն Հայաստան ունեցաւ չորս ներկայացուցիչ, որոնցմէ երկուքը` Առաքել Մովսէսեան (57 քկ) եւ Էդիկ Յարութիւնեան (61 քկ) տիրացան ոսկի մետալի:
Ազատ ոճի ըմբիշ Առաքել Մովսէսեան արժանացաւ նաեւ յատուկ մրցանակի` նկատի ունենալով, որ Լեովա Վարդանեան մարզական իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մասնակցած էր այդ դասակարգի մրցումներուն:
Մրցանակը երիտասարդ ըմբիշին յանձնեց Լեովա Վարդանեանի որդին, միջազգային կարգի իրաւարար Աւետիք Վարդանեան:
Մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, Երեւանի փոխքաղաքապետներ Տիգրան Աւինեան եւ Գէորգ Սիմոնեան, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէէն եւ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնէն ներկայացուցիչներ:


