Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլ հակամրցանիշներ հաստատեց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումին, Ռէալ Մատրիտէն իր կրած 5-2 արդիւնքով պարտութեան պատճառով:
«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի պատմութեան մէջ Լիվըրփուլ հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք պարտութիւն կը կրէ` երեք կոլի տարբերութեամբ:
Ասկէ` բացի, Լիվըրփուլ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն առաջին անգամ ըլլալով իր բերդին մէջ ստացաւ հինգ կոլ` իր դաշտին վրայ իր կատարած մրցումներուն ընթացքին:
Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտ-Լիվըրփուլ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 15 մարտին, Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ: