Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 32 տարեկան յետսապահ Անտրէ Չալըշըր, դանիական Սիլքըպորկէն տեղափոխուեցաւ շուէտական Փրոմմափոյքարնա, այս մասին յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Սթոքհոլմեան խումբը, որ Շուէտի Ա. Լիկայի ախոյեան հանդիսացաւ, հանդէս պիտի գայ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ, որուն ազդանշանը պիտի տրուի 1 ապրիլին:
Չալըշըր, որ Սիլքըպորկին միացաւ յուլիս 2021-ին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ ելոյթ կ՛ունենայ 2018-էն ի վեր: