Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող սպանացի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ դնելու իր միջազգային ասպարէզին:
Ան ըսաւ, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ Լուիս տը լա Ֆուենթէէն ստացած է հեռաձայն մը, որուն մէջ ան ըսած է, որ յառաջիկայի իր ծրագիրներուն մէջ նկատի պիտի չունենայ զինք:
Ներկայիս 36 տարեկան Ռամոս Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած է 180 անգամ` նշանակելով 25 կոլ:
Ինչպէս ծանօթ է, Ռամոս նկատի չէր առնուած նաեւ 2022-ի Մոնտիալին, նախկին մարզիչ Լուիս Էնրիքէի կողմէ:


