Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Կաթիա Գալստեան, Թադէոս Պօղոսեան, Սպարտակ Ոսկանեան, Միքայէլ Միքայէլեան եւ Աննա Ռաշոյեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 22 փետրուարէն 5 մարտին Սլովենիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի դահուկարշաւի ախոյեանութեան:
Նշուեցաւ, որ Միքայէլ Միքայէլեան առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 50 քմ-ի մարաթոնին, որուն մէջ ցարդ Հայաստան երբեք ներկայացուցիչ ունեցած չէր:
Այլ գետնի վրայ, երէկ Ծաղկաձորի մէջ սկսան Հայաստանի լեռնադահուկային եւ փարա-լեռնադահուկային ախոյեանութեան մրցումները: