Ամերիկացի պասքեթպոլիստ Ռասըլ Ուեսթպրուք տեղափոխուեցաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, այս մասին յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ փետրուարի սկիզբը Եութա Ճեզ 2017-ին «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի ամէնէն արժէքաւոր խաղացողը նկատուող Ռասըլ Ուեսթպրուքը ձեռք բերած էր Լոս Անճելըս Լէյքըրզէն, որուն հետ 34 տարեկան պասքեթպոլիստը խաղացած էր 2021-2023 տարիներուն:
«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին, Ուեսթպրուք իր մասնակցութիւնը բերաւ 52 մրցումի, իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին միջին հաշուով նշանակելով 15,9 կէտ, 6,2 ռիպաունտ եւ կատարելով 7,5 էսիսթ:
Նշենք, որ Քլիփըրզ այժմ արեւմտեան գօտիին մէջ կը գրաւէ չորրորդ դիրքը: