Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Եգիպտոսի Ալեքսանդրիա քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի խումբը` գլխաւոր մարզիչ Յաբէթնակ Կուրղինեանի գլխաւորութեամբ:
48 երկիրներէ 184 մասնակցողներուն մէջ պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները` Մանուէլ Խնձրցեան (57 քկ), Արսէն Յարութիւնեան (61 քկ), Վազգէն Թեւանեան (65 քկ), Արման Անդրէասեան (70 քկ), Հրայր Ալիխանեան (74 քկ) եւ Արման Աւագեան (79 քկ):
Նշուեցաւ, որ լաւագոյններուն պիտի շնորհուին վարկանշային կէտեր: