Յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով, Հայաստանի 17 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի հաւաքականը դարձեալ պարտուեցաւ իր հիւրէն` Վրաստանէն:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած այս երկրորդ մրցումին, հայրենի կազմը այս անգամ կրեց 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, մինչ նախորդին պարտուած էր 5-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ նախորդ 21 փետրուարին սկսած ուսումնամարզական հաւաքը աւարտեցաւ շաբաթ, 25 փետրուարին, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Մարիամ Ստեփանեանի հսկողութեամբ:


