Գերմանիոյ Տիւսելտոլֆ քաղաքին մէջ իր աւարտին մօտեցող «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԱՐ.-Չես Մասթըրզ» ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի տղոց ճատրակի հաւաքականի նախկին յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ այժմ հանդէս կու գայ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ, սեւ քարերով մրցեցաւ ամերիկացի Ուեսլի Սոյի հետ:
35-րդ շարժումին երկու կրանտմասթըրները համաձայնեցան իրենց այս ճակատումը աւարտել հաւասարութեամբ:
Ախոյեանութեան աւարտէն երեք հանգրուան առաջ, այժմ Արոնեան 4,5 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` կէտի մը առաւելութեամբ գերազանցելով Սոն եւ հնդիկ Տոմարաճու Կուքեշը:
Մրցաշարքի մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 130 հազար եւրօ, մինչ յաղթականը կը ստանայ 40 հազար եւրօ: