Հայաստանի կառավարութեան որոշումով, անոր սեփականութիւնը եղող Երեւան քաղաքի Արաբկիր վարչական շրջանի Կոմիտասի փողոցին մէջ գտնուող հողը 25 տարուան օգտագործման իրաւունքով պիտի յանձնուի «Ամոյեան եղբայրներու անուան մարզահամալիր»-ին:
Անոնք պարտաւորուած են 373 միլիոն դրամի ներդրում մը կատարել:
Ծրագիրի շրջանակին մէջ կը նախատեսուին մասնաշէնքի հիմնանորոգման աշխատանքներ կատարել, որոնց արդիւնքին լոյսին տակ, շատ շուտով Երեւանի մէջ պիտի ստեղծուի ժամանակակից չափանիշներուն եւ պահանջներուն համապատասխանող մարզահամալիր:
Իւրաքանչիւր օր հոն տեղի պիտի ունենան վեց ժամ տեւողութեամբ փորձեր:


