Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի «Հարտքոր-,ԷՖ. ՍԻ.» խառն մենամարտի մրցաշարքի ախոյեանութեան տիտղոսին համար տեղի ունեցած ճակատումին, հայ մարտիկ Լենդրուշ Յակոբեան երրորդ ռաունտ-ին նաքաութի ենթարկեց իր ռուս մրցակիցը` Իլնար Իշիմպայեւը եւ տիրացաւ տիտղոսին, կիսամիջին քաշային կարգին մէջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, 27 տարեկան հայ մարզիկը ցուցադրեց «Արցախ» գրութեամբ իր ատամնակապը:
Լենդրուշ Յակոբեան «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի մրցումներուն գծով իր կատարած 7 մենամարտերուն ընթացքին արձանագրած է 6 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը միայն:


