Դահուկարշաւ. Միջազգային Ֆետերասիոնը Ռուսիոյ Եւ Պիելոռուսիոյ Մարզիկներուն Կրնայ Արտօնել Մասնակցիլ Միջազգային Մրցաշարքերու
Դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Եոհան Էլիաշ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին անդրադարձաւ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկներուն միջազգային մրցաշարքերուն հաւանական վերադարձին: Կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ամէն գնով աշխատանք կը տարուի բոլոր մարզիկներուն միջեւ ամէն տեսակի պառակտումներէն խուսափելու: Նշուեցաւ նաեւ, որ բոլոր կազմակերպութիւնները պէտք է համախմբուին եւ աջակցին Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի աշխատանքներուն: Վերջերս, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն, բոլոր մարզաձեւերու միջազգային ֆետերասիոններուն առաջարկեց...




















