Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականը մարզական հաւաքի մը սկսաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտակ Ադամեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցող այս հաւաքը իր աւարտին պիտի հասնի 9 ապրիլին:
Նշուեցաւ, որ այս հաւաքին ընթացքին հայրենի կազմը 6 եւ 9 ապրիլին ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Կիպրոսի դէմ, Երեւանի
«Ժունիոր Սփոր» մարզադաշտին մէջ: