Նախորդ շաբաթավերջին Իտալիոյ ֆութպոլի 9-րդ դասակարգի մրցումներուն շատ արտասովոր դէպք մը պատահեցաւ:
Արդարեւ, Սոքըր Սթորնարա-Ասքոլի Սաթրիանօ մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ հիւրընկալ կազմին մարզիկներէն 72 տարեկան ֆութպոլիստ Սեպասթիանօ Փոսիլիփօ:
Ան մրցումին 70-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, մինչ մրցումը աւարտեցաւ անոր կազմին յաղթանակով` 5-2 արդիւնքով:
Ֆութպոլիստին մարզաշապիկին թիւը` 51, կը նշէ անոր ծննդեան տարին` 1951:
Այստեղ պէտք է նշել նաեւ, որ Փոսիլիփօ Սոքըր Սթորնարայի նախագահն է: