Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ «Փարք տը Փրենս»-ի մէջ հիւրընկալեց Լիոնը, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
56-րդ վայրկեանին Պրետլի Պարքոլա նշանակեց մրցումին միակ կոլը, մինչ անոր խմբակից Ալեքսանտր Լաքազեթ 39-րդ վայրկեանին փենալթի մը կոլի չկրցաւ վերածել:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, որ եղաւ յաջորդական երկրորդը, մարզիչ Քրիսթոֆ Կալթէի կազմը այժմ 66 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը` վեց կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Լանսի եւ Մարսէյի վրայ:
Լիոն, որուն մարզիչն է Լորան Պլան, այժմ 44 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը:
Այս հանգրուանին Լանս 1-0 արդիւնքով յաղթեց Ռեննին, մինչ Մարսէյ իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մոնփելիէի հետ: