Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա եւ երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ, արձանագրեցին բաւական մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակներ:
Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Էլչէին, 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Ռոպերթ Լեւանտովսքի տուպլէ մը իրագործեց (20-րդ եւ 66-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Անսու Ֆաթի (56-րդ) եւ Ֆերան Թորես (70-րդ):
Իսկ Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրընկալեց Ռէալ Վայատոլիտը (16-րդ), անոր դէմ նշանակեց վեց անպատասխան կոլ:
Ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, հեթրիք մը իրագործեց (29-րդ, 32-րդ եւ 36-րդ)… 6,5 վայրկեանի ընթացքին, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին պրազիլցի Ռոտրիկօ (22-րդ), սպանացի Մարքօ Ասենսիօ (73-րդ) եւ սպանացի Լուքաս Վասքես (90+1-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսելոնա այժմ ունեցաւ 71 կէտ, իսկ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ` 59 կէտ: