Գերմանիոյ ֆութպոլի «Ռեժիոնալ Լիկա»-ի ախոյեանութեան 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պայէրն Միւնիխի Բ. խումբը, որ հիւրը եղաւ Հայմըշթեթընին, արձանագրեց ջախջախիչ յաղթանակ մը` 8-1 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Հրանդ-Լէոն Ռանոս` իր կոլերը նշանակելով 44-րդ եւ 65-րդ վայրկեաններուն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ռանոսի կազմը այժմ 51 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման չորրորդ դիրքը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Ունթերհախինկ, որ ապահոված է 70 կէտ:


