Նախորդ շաբաթավերջին, Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան կրանփրին աւարտեցաւ «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 2 ժամ 32՛ 38՛՛ արդիւնք մը:
Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն («Մերսետես») եւ սպանացի Ֆերնանտօ Ալոնսօ («Ասթոն Մարթին»):
Նշենք, որ Վերսթափեն առաջին հանդիսացած էր նաեւ տարեշրջանի բացման` Պահրէյնի կրան փրիին, մինչ երկրորդ կրան փրիին, որ տեղի ունեցած էր Սէուտական Արաբիոյ մէջ, ան գրաւած էր երկրորդ դիրքը:
Տարեշրջանի չորրորդ կրան-փրի-ն տեղի պիտի ունենայ 30 ապրիլին, Ազրպէյճանի մէջ:
Վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ, այժմ Վերսթափեն 69 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, երկրորդ դիրքը` 54 կէտով անոր խմբակից, մեքսիքացի Սերճիօ Փերեզ, մինչ լաւագոյն եռեակը 45 կէտով կ՛ամբողջացնէ Ալոնսօ:
Ինչ կը վերաբերի խումբերու ընդհանուր դասաւորման, առաջինէն երրորդ դիրքերը կը գրաւեն «ՌետՊուլ» (123 կէտ), «Ասթոն Մարթին» (65 կէտ) եւ «Մերսետես» (56 կէտ):