Հիւսիսային Ամերիկայի «Մէյճըր-Լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քոլումպուս Քրու, որ արեւելեան շրջանին մէջ հիւրընկալեց Ռէալ Սոլթ Լէյքը, արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Լուքաս Սելարայեան 14-րդ վայրկեանին կատարեց էսիսթ մը, մինչ 41-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը:
Ան 74-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Անոր կազմը այժմ 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը` արեւելեան շրջանին մէջ: