Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ խումբին գլխաւոր մարզիչը` Կրեհեմ Փոթըրը:
Հաղորդուեցաւ, որ խումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատարը պիտի ըլլայ Պրունօ Սալթոր:
47 տարեկան Փոթըր, խումբին մարզիչ նշանակուած էր սեպտեմբեր 2022-ին:
Նախորդ շաբաթավերջին Չելսի, որ հիւրընկալեց Ասթոն Վիլան, անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Չելսի 38 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը: