Սպանական մարզական մամուլը կը յայտնէ, որ քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը մեծ հովանաւորներ կը փնտռէ, ակումբի նախկին ֆութպոլիստ Լիոնել Մեսսիի վերադարձը կարենալ ապահովելու համար:
Նիւթական դժուարութիւններ ունենալու պատճառով անիկա ներկայ դրութեամբ չի կրնար արժանթինցին վերադարձնել:
Սակայն, ըստ շրջան ընող լուրերուն, թէ՛ Պարսելոնա եւ թէ՛ Մեսսի բաւական լաւատես են այս գործարքի իրականացման գծով:
Նախորդ շաբաթավերջին, նախքան Փարիզ Սեն Ժերմեն-Լիոն մրցումին մեկնարկը տրուիլը, մայրաքաղաքի կազմին համակիրները սուլիչներով իրենց դժգոհութիւնը արտայայտեցին Մեսսիի դէմ:
Նշենք, որ Մեսսիի պայմանագրութիւնը` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ կ՛աւարտի այս տարեշրջանի աւարտին: