Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Տինամիք Խումբը 103-94 Արդիւնքով Յաղթելով Անդրանիկ Պէյրութին` Մեծ Եւ Հաստատ Քայլերով Ապահովեց Ֆայնըլ Ֆորի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Ապրիլ 5, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի երթուդարձի մրցումները երէկ երեկոյեան հասան իրենց աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի վերջին ճակատումը` ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Անդրանիկ Պէյրութի միջեւ:

Նախքան մրցումին անդրադառնալը, ՀՄԸՄ-ի համակիրներն ու խումբ մը ճեմարանական աշակերտներ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աշակերտ Նժդեհ Մերտխանեանի յիշատակը` անոր լուսանկարը բռնած պաստառի մը վրայ: Նախորդ շաբաթավերջին վերջինս անակնկալօրէն մահացած էր:

Ինչ կը վերաբերի մրցումին, ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը, անոր ազդանշանը տրուելէն քանի մը ժամ առաջ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ, մրցումին ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, անընդհատ քաջալերեցին իրենց կազմը` բառին ամբողջական իմաստով տիրական ներկայութիւն մը ըլլալով մարզադաշտին մէջ, որուն համար գնահատանքի եւ շնորհակալութեան մեծ խօսք մը կ՛երթայ անոնց:

Ինչպէս ծանօթ է, մրցումին յաղթականը պիտի ապահովէր ֆայնըլ էյթի մրցումներուն իր տոմսը` գրաւելով դասաւորման 8-րդ դիրքը, մինչ պարտուողը հրաժեշտ պիտի տար ախոյեանութեան:

«Ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն իր տոմսը ապահովողը հանդիսացաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի տինամիք խումբը, որ արձանագրելով 103-94 արդիւնքով յաղթանակ մը (27-24, 27-26, 23-20 եւ 26-24), մեծ եւ հաստատ քայլերով ապահովեց իր տոմսը:

ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Մարք Լայընզ (25 կէտ, 13 էսիսթ) եւ Տուժուան Սամըրզ (33 կէտ, 17 ռիպաունտ):

ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Տանիել Պաղտատեան բաւական մօտ էր տապըլ-տապըլ մը իրագործելու (9 կէտ, 12 ռիպաունտ):

Անդրանիկէն 36 կէտ նշանակեց Ճորտըն Ճեքսըն, մինչ տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձան անոր խմբակիցներ Ուեսթլի Հինթըն (20 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) եւ Սելիմ Ալաէտտին (11 կէտ եւ 11 ռիպաունտ):

Իր այս բացառիկ ներկայացումով ՀՄԸՄ եկաւ լաւագոյն պատասխանը տալու բոլոր անոնց, որոնք պահ մը կ՛ըսէին, որ խումբը բռնած է Բ. դասակարգի ճամբան եւ չի յաջողիր մնալ Ա. դասակարգին մէջ:

ՀՄԸՄ մնաց Ա. դասակարգին մէջ եւ անկէ առաջ ալ երթալով հանդիսացաւ լաւագոյն ութ խումբերէն մէկը:

Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը` ձեռք բերուած այս բացառիկ եւ նշանակալից նուաճումին համար:

 

Նախորդը

Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Ազգային Հաւաքականը Մարզական Հաւաքի Մը Սկսաւ

Յաջորդը

Լաւրով. «Մոսկուան Եւրոպական Միութիւնը Կը Նկատէ Ոչ Բարեկամական Միաւորում»

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?