Սպանիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերող երկու կազմեր` Էսփանիոլ եւ Ռէալ Վայատոլիտ, այս շաբաթասկիզբին պաշտօնանկ ըրին իրենց մարզիչները, խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Էսփանիոլ պաշտօնանկ ըրաւ Տիեկօ Մարթինեսը, իսկ Ռէալ Վայատոլիտ` Խոսէ Ռոխօ Մարթինը:
Նշուեցաւ, որ Էսփանիոլի ղեկավարութիւնը Լուիս Կարսիան նշանակեց գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ռէալ Վայատոլիտ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 16-րդ դիրքը, իսկ Էսփանիոլ` 17-րդ դիրքը: