Նախորդ շաբաթավերջին, չինացի կրանտմասթըր Տինկ Լիրեն, հանդիսացաւ աշխարհի 17-րդ ախոյեան, երբ ճատրակի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին, թայ պրէյքով 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց ռուս Եան Նեփոմնիաչիին:
Տիտղոսին տիրանալէ բացի, ան ստացաւ նաեւ 1,1 միլիոն եւրօ պարգեւավճար, մինչ փոխախոյեանը ստացաւ 900 հազար եւրօ:
Նշենք, որ նախքան թայ պրէյքի այս մրցումը տեղի ունենալը, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան դասական ճատրակի աւարտականի 14-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, անոնց միջեւ արդիւնքը աւարտած էր 7-7 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Սկզբունքով Լիրեն աւարտական մրցումին պէտք էր մրցէր աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընի դէմ:
Սակայն, նկատի ունենալով, որ Քարլսըն հրաժարեցաւ ճակատիլ Նեփոմնիաչիի դէմ, աւարտական մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ չինացին:
ՖԻՏԷ-ի դասաւորման մէջ այժմ Քարլսըն կը շարունակէ մնալ առաջին, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Նեփոմնիաչի եւ Լիրեն:


