Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, շատ հաւանական է, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Մարոքի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող յետսապահ Աշրաֆ Հաքիմի տեղափոխուի Անգլիա եւ միանայ Մանչեսթըր Եունայթըտին:
Ֆութպոլիստով հետաքրքրուած է նաեւ այլ ակումբ մը` լոնտոնեան Չելսին:
Կը նշուի, որ մանչեսթըրեան ակումբը հաւանաբար Հաքիմիի համար վճարէ 60 միլիոն եւրօ, որ կը պահանջուի ֆրանսական ակումբին կողմէ: