Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա ամրապնդեց իր դիրքը, 1-0 արդիւնքով քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրելով Օսասունայի դէմ:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց սպանացի յետսապահ Եորտի Ալպա, 85-րդ վայրկեանին, իսկ 27-րդ վայրկեանին հիւր կազմին մէկ մարզիկը կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսելոնա, որ ունեցաւ 82 կէտ, այժմ 14 կէտի առաւելութիւն մը ունի երկրին գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտի վրայ, որ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռէալ Սոսիետատի դաշտին մէջ:
Մարզիչ Քարլօ Անչելոթթթիի գլխաւորած կազմը` Ռէալ Մատրիտ, մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ 61-րդ վայրկեանին Տենի Քարվախալ կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Նշենք, որ ախոյեանութեան աւարտին մնացած է հինգ հանգրուան միայն: