Աշխարհի ախոյեան, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Արթուր Դաւթեան, նախորդ շաբաթավերջին Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի Դ. հանգրուանի մրցաշարքի յենացատկի մրցումներուն, ապահովելով 15.166 կէտ, տիրացաւ ոսկի մետալին:
Այսպիսով, 30 տարեկան Դաւթեան, մասնակցելով աշխարհի բաժակի չորս մրցաշարքերէն երեքին, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով յաջողեցաւ տիրանալ բացարձակ յաղթողի կոչումին: