Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Նասըր ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կ՛ուզէ հեռանալ Սէուտական Արաբիայէն:
Կը նշուի, որ ֆութպոլիստը դժուարութիւններ ունի համարկուելու Սէուտական Արաբիոյ մշակոյթին հետ, ինչպէս նաեւ լեզուական արգելքը կը դժուարացնէ անոր հոն մնալը:
Ան ամէն գնով կը փափաքի վերադառնալ Ռէալ Մատրիտ, որուն մաս կազմած է 9 տարի:
Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, արքայական ակումբին նախագահը` Ֆլորենթինօ Փերես, պատրաստ է Ռոնալտոյին առաջարկել վերադառնալ ակումբ իբրեւ դեսպան, կամ անոր առաջարկել պաշտօն մը` մարզչական յանձնախումբին մէջ: