Երկուշաբթի, 1 մայիսին իրենց աւարտին հասան Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի ֆայնըլ էյթի մրցումները, երբ տեղի ունեցաւ յայտագիրին վրայ գտնուող Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ վերջին մրցումը, առաջինին դաշտին` Մանարայի մէջ:
Անիկա վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 108-73 արդիւնքով (25-15, 27-28, 35-15 եւ 21-15):
Ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած յայտագիրը, ինչ կը վերաբերի ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն, կը սկսի ուրբաթ, 5 մայիսին, Սաժես Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ ճակատումով (երեկոյեան ժամը 21:45-ին), Ղազիրի մէջ:
Իսկ շաբաթ, 6 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, տեղի կ՛ունենայ կիսաւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումը` Տինամոյի եւ Պէյրութի միջեւ: