Նախանցեալ օր Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանը վերջ գտաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմին համար, երբ խումբը կատարեց ֆայնըլ էյթի իր վերջին մրցումը` Ռիատի Պէյրութի դէմ:
Մանարայի դաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը վերջ գտաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով 111-96 արդիւնքով (27-14, 25-16, 28-37 եւ 31-29):
Յաղթական կազմէն 61 կէտ նշանակեց (ներառեալ 9 թրի փոյնթ) Պիլալ Թապպարա, մինչ Միկել Մարթինեզ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (12 կէտ, 10 էսիսթ):
ՀՄԸՄ-էն 28 կէտ նշանակեց Լէոնել Լահուտ (ներառեալ 8 թրի փոյնթ), Գէորգ Գէորգ 24 կէտ, Սէրուժ Աւետիսեան 14 կէտ (ներառեալ 4 թրի փոյնթ), իսկ Միհրան Պէրպէրեան 12 կէտ:
Նշենք, որ երկու կազմերն ալ իրենց այս մրցումը կատարեցին միայն տեղացի մարզիկներով:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ Պէյրութ տարեշրջանը աւարտեց 7-րդ դիրքին վրայ` նկատի ունենալով, որ Մարիսթ քաշուեցաւ եւ չուզեց կատարել 7-րդ դիրքը ճշդելու համար մրցումը:


