Նախորդ շաբաթավերջին, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Մանչեսթըր Սիթի, որ հիւրը եղաւ Ֆուլհեմին, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մանչեսթըրեան կազմին կոլերը նշանակեցին Էրլինկ Հաալանտ (3-րդ` փենալթիով) եւ Խուլիան Ալվարես (3-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Սիթի շրջանցեց Արսենալին եւ անկէ խլեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` անոր վրայ ունենալով կէտի մը առաւելութիւնը:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը` Եունայթըտ, որ Պրունօ Ֆերնանտեզի նշանակած կոլին շնորհիւ (39-րդ) 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ասթոն Վիլան:
Կոլերով հարուստ մրցումէ մը ետք, Լիվըրփուլ 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Թոթենհամը:
Լիվըրփուլ իր յաղթանակի կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+4-րդ), շնորհիւ Տիոկօ Ժոթայի: