Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ «Փարք տը Փրենս»-ի մէջ հիւրընկալեց Լորիանը, անկէ կրեց 3-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը:
Հիւրընկալ կազմէն Աշրաֆ Հաքիմիի` 20-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ ստանալը, բնականաբար իր վատ անդրադարձը ունեցաւ մայրաքաղաքի կազմին կրած այս պարտութեան մէջ:
Հիւր կազմը իր կոլերը նշանակեց 15-րդ, 39-րդ եւ 88-րդ վայրկեաններուն, մինչ Փարիզ Սեն Ժերմենի միակ կոլը նշանակեց Քիլիան Էմպափէ (29-րդ):
Օգտուելով գործող ախոյեանին կրած այս պարտութենէն` Մարսէյ 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Օքսեռին, յաջողեցաւ իր եւ Սեն Ժերմենի միջեւ գտնուող կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել հինգի, եւ այդ մէկը` տարեշրջանի աւարտէն հինգ հանգրուան առաջ:
Մարսէյի յաղթանակի կոլը 77-րդ վայրկեանին նշանակեց Ալեքսիս Սանչեզ:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Փարիզ Սեն Ժերմեն ունի 75 կէտ, իսկ Մարսէյ` 70 կէտ:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Միշել Տէր Զաքարեանի գլխաւորած կազմը` Մոնփելիէ, 4-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Մոնաքոյի դաշտին մէջ: