Գերմանացի միջնապահ Մարքօ Ռէօս նախորդ շաբաթավերջին համաձայն գտնուեցաւ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել իր ակումբին` Պորուսիա Տորթմունտի հետ:
Այսպիսով, 33 տարեկան ֆութպոլիստը իր ակումբին շապիկը պիտի կրէ մինչեւ 2024, այս մասին յայտնեց տորթմունտեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մարքօ Ռէօս, որ 2012-2013 տարեշրջանէն ի վեր մաս կը կազմէ Տորթմունտին, յոյս յատնեց, որ ամէն գնով յաւելեալ յաջողութիւններու հասնի իր կազմին հետ: