Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքի 4-րդ հանգրուանի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Աւետիսեան օղակներու մրցումներուն տիրացաւ պրոնզ մետալին, մինչ Արթուր Դաւթեան գրաւեց 7-րդ դիրքը:
Աւետիսեան ապահովեց 14.666 կէտ, մինչ Դաւթեան` 14.166 կէտ:
Նշենք, որ Աւետիսեանէն առաջ Գագիկ Խաչիկեան նժոյգի մրցումներուն տիրացած էր արծաթ մետալին, մինչ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Յարութիւն Մերդինեան պրոնզ մետալին:
Աշխարհի բաժակի մրցաշարքը վարկանշային է յառաջիկայ աշնան Պելճիքայի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան համար, որուն ընթացքին մարզիկները կը պայքարին Փարիզ-2024-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն համար տոմս ապահովելու: