Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 6-7 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 38-րդ գարնանային ռելին:
Կազմակերպիչ ակումբը յայտարարեց, որ վաղը` հինգշաբթի, 4 մայիսին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ այս ռելիին մասնակցող վարորդներուն ամբողջական անուանացանկը:
Ռելիին մեկնարկը պիտի տրուի Քասլիքի մէջ գտնուող կազմակերպիչ ակումբին կեդրոնատեղիէն` յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, ցուցադրական Ա. հանգրուանով:
Իսկ կիրակի, 7 մայիսին կ՛ակնկալուի, որ նոյն վայրը հասնի առաջին ինքնաշարժը, յետմիջօրէի ժամը 16:35-ին, որմէ ետք, մնացեալ ինքնաշարժերուն ժամանումէն ետք, տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը:
Նշենք, որ այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 280,29 քմ: