Մարզական

Աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»  Վալքիրիզ – Տրիմ` 1-0

Վենեցիան Եւ Իտալիոյ Անակնկալը

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին մեծ անակնկալ մը արձանագրուեցաւ: Ախոյեանութեան վերջին դիրքը գրաւող Վենեցիան, որ ոչ մէկ կէտ ունէր, իր «Փիերլուիճի Փենցօ» մարզադաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով աներեւակայելի յաղթանակ արձանագրեց Նափոլիի դէմ: Մրցումին արդիւնքը վճռուեցաւ Բ. կիսախաղի սկիզբէն, ուր նիկերիացի Աքոր Ատամս 49-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը: 68-րդ վայրկեանին պելճիքացի միջնապահ Քեւին Տէ Պրույնէ չկրցաւ փենալթին կոլի վերածել, երբ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պարսելոնա Վաղը` Պայերն Միւնիխ – Արսենալ

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պարսելոնա Վաղը` Պայերն Միւնիխ – Արսենալ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի 3-րդ շաբթուան «սպասուած մրցում»-ը տեղի պիտի ունենայ այսօր ժամը 22:00-ին, այժմու լաւագոյն երկու ակումբներուն` Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պարսելոնայի միջեւ: Ճիշդ է, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ին մէջ իր լաւագոյն վիճակով չէր սկսած, բայց «Չեմփիընզ լիկ»-ի վերջին երկու տարիներու ախոյեանը յարմար պահուն շատ լաւ ելոյթ կը ցուցաբերէ, ինչպէս պատահեցաւ անցեալ շաբաթ Մանչեսթըր Սիթիի դաշտին վրայ (2-4):...

Աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»  Վալքիրիզ – Տրիմ` 1-0

Աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.» Վալքիրիզ – Տրիմ` 1-0

Այսօր առաւօտեան ժամերուն, Քալիֆորնիա նահանգը պիտի հիւրընկալէ աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտականի երկրորդ ճակատումը` Կոլտըն Սթէյթ Վալքիրիզի եւ Աթլանթա Տրիմի միջեւ: Առաջին ելոյթին, Վալքիրիզ 68-64 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Տրիմին, որ կրեց փլէյ-օֆի իր առաջին պարտութիւնը: Վալքիրիզի յաղթանակը կերտուեցաւ 4-րդ եւ վերջին մասին, ուր շնորհիւ զօրաւոր պաշտպանողականին կրցաւ 17 կէտեր նշանակել եւ միայն 8 կէտեր ստանալ: Ֆրանսացի Կապի Ուիլիամս 26 կէտ...

Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

Երէկ` կիրակի, 18 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի առաջին «Նաւասարդեան» մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը: Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի նախագահութեամբ պաշտօնապէս ազդանշանը տրուեցաւ մարզախաղերուն: Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, թէ ինչպէ՛ս «Նաւասարդեան» խաղերուն ջահը կը վառի Անթիլիասի Հայոց ցեղասպանութեան Նահատակաց յուշակոթողի կրակէն: Մարզիկուհին այդ ջահը բարձրացուցած...

Ծանրաբարձութիւն.  Մարտին Պօղոսեան Եւ Տիգրան Կարապետեան`  Եւրոպայի Փոխախոյեաններ

Ծանրաբարձութիւն. Մարտին Պօղոսեան Եւ Տիգրան Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեաններ

Ալպանիոյ Տուրէս քաղաքին մէջ կը շարունակուի Եւրոպայի ծանրաբարձութեան մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեանութիւնը: Հայաստանի մարզիկները շաբաթավերջին շարունակեցին մետալներ նուաճել, ըլլան անոնք փոքր թէ մեծ: Տղոց 75 քկ կշիռի Եւրոպայի փոխախոյեան հռչակուեցաւ Տիգրան Կարապետեան, որ փոքր ոսկի մետալ ալ նուաճեց արաշէի մրցումներուն: Ան ընդամէնը 3 քկ տարբերութեամբ կորսնցուց ոսկի մետալը (երկամարտի արդիւնքին)` ի նպաստ Լեհաստանի ներկայացուցիչ Քոնրատ Լազուկայի: Պրոնզ մետալ շահեցաւ Ազրպէյճանի...

Ըմբշամարտ.  Սարգիս Բեգոյեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Ըմբշամարտ. Սարգիս Բեգոյեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Հայ ըմբիշ Սարգիս Բեգոյեան (61 քկ) պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Միացեալ Նահանգներու Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի մինչեւ 23 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան: Պրոնզ մետալի մրցումը ուզպեք Պեհրուզպեք Թուրանմուրատովի դէմ շատ հետաքրքրական եղաւ ու կէտերով հարուստ: Բեգոյեան 14-9 արդիւնքով կրցաւ յաղթել եւ նուաճել պրոնզէ մետալը: Մինչեւ այս ճակատումը հայ ըմբիշը կատարած էր 3 մենամարտներ եւ արձանագրած 2 յաղթանակ`...

Բռնցքամարտ.  Էրիք Արստամեան Արհեստավարժ Ասպարէզը Սկսաւ Նաք-Աութով

Բռնցքամարտ. Էրիք Արստամեան Արհեստավարժ Ասպարէզը Սկսաւ Նաք-Աութով

Հայաստանի բռնցքամարտի երիտասարդական հաւաքականի ներկայացուցիչ Էրիք Արստամեան յաջողութեամբ սկսաւ իր արհեստավարժ ասպարէզը: Արցախցի մարտիկը նաք-աութով յաղթանակ տարաւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած «Շամօ Պոքսինկ» մրցաշարքին: Արստամեանի մրցակիցը ռուս Իվան Սավինն էր, որ իր կարգին իր առաջին արհեստավարժ ելոյթը կ՛ունենար: Արստամեան կրցաւ ցուցադրել իր առաւելութիւնը եւ 2-րդ ռաունտին աւարտեց մենամարտը` նաք աութի ենթարկելով Սավինը:  

Մկրտչեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց Նիւրեմպերկի Վերադարձին

Մկրտչեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց Նիւրեմպերկի Վերադարձին

Հայաստանի ազգային խումբի յետսապահ Ստիոփա Մկրտչեան վերադառնալէ ետք իր վիրաւոր վիճակէն եւ լաւապէս ապաքինելէ ետք, դաշտ ներկայացաւ Նիւրեմպերկի հետ 66-րդ վայրկեանին` Էներկի Քոթպուսի դէմ մրցումին: «Պունտըսլիկա»-ի Բ. դասակարգի 8-րդ հանգրուանին, Մկրտչեան առաջին անգամ ըլլալով դաշտ ներկայացաւ Նիւրեմպերկի հետ, երբ իր ակումբը ետ կը մնար 1-0 արդիւնքով: Նիւրեմպերկ անընդհատ կը յարձակէր, բայց մինչեւ 79-րդ վայրկեան որեւէ կոլ չկրցաւ նշանակել: Յոյն յետսապահ...

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Քեթլին Չուքակեան 2,5 Տարի Դադարէ Ետք Վերադարձաւ Եւ Նաք Աութով Յաղթեց

«Էմ. Էմ. Էյ.» Քեթլին Չուքակեան 2,5 Տարի Դադարէ Ետք Վերադարձաւ Եւ Նաք Աութով Յաղթեց

Հայկական ծագումով ամերիկացի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի մարտիկ Քեթլին Չուքակեան (Սերմինարա) յաջողութեամբ վերադարձաւ խառն մենամարտերու ասպարէզ` երկուքուկէս տարի դադարէ ետք: Քանատայի Էտմընթըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Եու. Էֆ. Սի. Էտմընթըն» մրցաշարքին, 37 տարեկան մարտիկը առաջին ռաունտէն իսկ յաղթեց Մաքենզի Սթիլըրին: Աղջկանց գերթեթեւ կշիռի կարգին մէջ (մինչեւ 56,7 քկ) տեղի ունեցած գօտեմարտը տեւեց 4 վայրկեան եւ 46 երկվայրկեան: Քեթլինի համար այս...

«Վեթերան» Պելինկհամ Հպարտ Է…

«Վեթերան» Պելինկհամ Հպարտ Է…

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Ճուտ Պելինկհամ վերջերս արտայայտած է իր ակումբին հետ 150-րդ յոբելեան հանդիպումը կատարելու գծով, ինչպէս նաեւ խօսած է ակումբին մէջ ներկայիս իր դերին մասին: Անգլիացի միջնապահին համար 150-րդ ելոյթը տեղի ունեցած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին` Ռոմայի դէմ: Ակումբի մարզական կեդրոնին մէջ յատուկ յուշանուէր-մարզաշապիկ ստանալէ ետք Պելինկհամ ըսաւ. «Չափազանց երջանիկ ու հպարտ եմ: Այս ակումբին հետ խաղալը միշտ հաճելի...

Մուրինիօ Որոշ Պայմանաժամ Ունի…

Մուրինիօ Որոշ Պայմանաժամ Ունի…

Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը սկսած է կասկածիլ գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի աշխատանքի արդիւնաւէտութեան գծով: Ըստ սպանացի Ֆրանսուա Կայարտոյի, Ռէալի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես պատրաստ է փորթուգալցի մասնագէտին ժամանակ տալ մինչեւ 25 դեկտեմբեր, որպէսզի վերջինս շտկէ ստեղծուած իրավիճակը եւ բարելաւէ ակումբի ձեռք ձգած արդիւնքները: Եթէ Մուրինիօ չյաջողի ապահովել սպասուած անհրաժեշտ յառաջընթացը, ակումբի ղեկավարութիւնը պատրաստ պիտի ըլլայ զինք պաշտօնանկ ընելու: Նշենք, որ աւելի կանուխ...

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր.  Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր. Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպած է առաջին «Նաւասարդեան» մարզախաղերու մրցաշարքը: Այսօր կը սկսին ֆութպոլի մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան յաջորդաբար ՀՄԸՄ-ի ակադեմիայի դաշտին եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ: Հետաքրքրականը այն է, որ ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մարզաձեւերը բաժնուած են 5 տարիքային խմբակներու` մինչեւ 10, մինչեւ 12, մինչեւ 14, մինչեւ 16 եւ մինչեւ 18 տարեկաններու բաժիններով, մինչ...

«Եուրոփա Լիկ».  Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Եուրոփա լիկ»-ի երկրորդ շաբթուան մրցումներուն Արարատ Արմենիա Պելոսթոքի քաղաքի մարզադաշտին վրայ մրցում ունէր լեհական Եակելոնիայի դէմ: Արդէն մրցումի 11-րդ վայրեանին Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա բացաւ հաշիւը` շնորհիւ Կինէ Պիսոյի միջնապահ Զիտան Պանճաքիի: Սակայն հազիւ 2 վայրկեան անցած, Քամիլ Եոզվիաք նշանակեց Եանկելոնիայի հաւասարութեան կոլը: Զիտան 17-րդ վայրկեանին վիրաւորուեցաւ եւ զինք փոխարինեց Ժերայր Շաղոյեան: Կիսախաղէն քիչ մը առաջ...

Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…

Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…

Քանի մը օր առաջ Նիկիտա Սիմոնեանի 100-ամեակն էր: Հայաստանցիներու քանի՛ սերունդներ հպարտացած էին «Արարատ 73»-ով, որուն գլխաւոր մարզիչն էր Սիմոնեան: Քանի՛ սերունդներ ազգային հպարտութիւն զգացած էին այդ խումբի պատմական նուաճումներով: Այս նիւթին մասին վերջերս գրած է «Այլընտրանքային նախագիծեր» խումբի անդամ Վահէ Յովհաննիսեան: Այս խմբակը հայաստանեան փորձագիտական եւ վերլուծական հասարակական կազմակերպութիւն մըն է, որ հիմնադրած է նոյնինքն Յովհաննիսեան: «Այս օրերուն Ռուսիոյ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Բ. Շաբթուան Մրցումներու Եզրակացութիւն

«Չեմփիընզ Լիկ». Բ. Շաբթուան Մրցումներու Եզրակացութիւն

Շատ հետաքրքրական էին «Չեմփիընզ լիկ»-ի այս շաբթուան երկու օրերու մրցումները, որոնց ընթացքին 78 կոլեր նշանակուեցան 18 մրցումներու ընթացքին: Պայերն Միւնիխ, Ինթեր Միլան եւ Տորթմունտ կարեւոր կէտեր կորսնցուցին, մինչ Մանչեսթըր քաղաքի երկու ակումբները պարտութիւններ կրեցին: Միւս կողմէ, Պարսելոնա, Ռէալ Մատրիտ, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Լիվըրփուլ եւ Ասթոն Վիլա իրենց վրայ կեդրոնացուցին բոլորին ուշադրութիւնը: Վերջին երկու տարիներու ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն կրցաւ իր...

Մարզական Կարճ Լուրեր

Մարզական Կարճ Լուրեր

. «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն վերջնականապէս որոշեց պատժել Սերպիոյ ազգային խումբը, որ ցեղապաշտական կանչեր արձակած էր Ազգերու լիկայի մրցաշարքին, Յունաստանի եւ Նետերլանտներու դէմ մրցումներուն: Սերպիա իր յաջորդ մրցումը դռնփակ պիտի կատարէ Գերմանիոյ դէմ, ինչպէս նաեւ 50 հազար եւրօ տուգանք պիտի վճարէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին: Սերպիա պիտի փորձէ «մեղմացնել» պատիժը` միայն պատանիներու առիթ տալով եւ 2 հազար գերմանացի համակիրներուն, բայց...

Հեծելարշաւ.  Լիբանան Իր 6-րդ Եւ Վերջին Մետալը Ձեռք Ձգեց Արաբական Ախոյեանութեան

Հեծելարշաւ. Լիբանան Իր 6-րդ Եւ Վերջին Մետալը Ձեռք Ձգեց Արաբական Ախոյեանութեան

Լիբանանի հեծելարշաւի հաւաքականը, որ կը մասնակցէր հեծելարշաւի արաբական ախոյեանութեան, իր 6-րդ եւ վերջին պրոնզէ մետալը ձեռք ձգեց վերջին մրցումին, որ լեռնային հեծելարշաւի մրցումն էր: Արդարեւ, Սուրիոյ հիւրընկալած այս բաւական յաջող ախոյեանութեան, տղոց անհատական «մաունթըն պայք»-ի պրոնզ մետալակիր դարձաւ Ժորժ Ուաքիմ, որ արդէն իսկ 2026-ի Լիբանանի ախոյեանն էր: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի էլիթ մարզիկ Ուաքիմ բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ եւ Լիբանանին ապահովեց...

Փինկ Փոնկ.  Մարիանա Սահակեան` 13-րդ Անգամ Ըլլալով  Լիբանանի Ախոյեան

Փինկ Փոնկ. Մարիանա Սահակեան` 13-րդ Անգամ Ըլլալով Լիբանանի Ախոյեան

Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան մրցումներուն Մարիանա Սահակեան 13-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Լիբանանի ախոյեան` մրցանիշ հաստատելով: ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկը, որ Հայաստանէն տեղափոխուած էր Պէյրութ, 2004-էն սկսեալ դարձած էր ախոյեան` ապացուցելով, որ տարիքը երբեք պատճառ չէ չմնալու բարձունքին վրայ: 49 տարեկան Մարիանա Սահակեան 2004-ին, 2005-ին, 2007-ին, 2014-ին, 2015-ին, 2016-ին, 2017-ին, 2018-ին, 2019-ին, 2021-ին, 2022-ին եւ 2023-ին կրցած էր շահիլ ախոյեանութիւնը,...

Ծանրաբարձութիւն.  Նարեկ Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան Եւ Նոր Մրցանիշի Տէր

Ծանրաբարձութիւն. Նարեկ Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան Եւ Նոր Մրցանիշի Տէր

Ալպանիոյ Տուրես քաղաքին մէջ կը շարունակուի ծանրաբարձութեան Եւրոպայի մինչեւ 20 եւ մինչեւ 23 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի հաւաքականէն Նարեկ Գրիգորեան (57 քկ) ոչ միայն դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան, այլ նաեւ սահմանեց մինչեւ 20 տարեկաններու Եւրոպայի նոր մրցանիշ` երկամարտի արդիւնքով բարձրացնելով 322 քկ (146+176 քկ): Հայաստանի համար մետալ մը եւս ձեռք ձգեց Սամուէլ Մարտիրոսեան (70 քկ), որ մինչեւ 20 տարեկաններու արաշէի մրցումներուն...

Հրաձգութիւն.  Էլմիրա Կարապետեան Ոսկի Մետալակիր

Հրաձգութիւն. Էլմիրա Կարապետեան Ոսկի Մետալակիր

Հայաստանի հրաձգութեան հաւաքականի ներկայացուցիչ Էլմիրա Կարապետեան ոսկի մետալ նուաճեց Գահիրէի մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցող հրաձգութեան աշխարհի բաժակի մրցաշարքին: Հայ մարզիկը ոսկի մետալ նուաճեց աղջկանց 10 մեթր օդամղիչ ատրճանակով նշանառութեան մրցումին: Կարապետեան գերազանց արդիւնք արձանագրած էր զտումի մրցումներուն` վաստկելով 582 կէտ եւ հաստատ քայլերով հասնելով աւարտական հանգրուան: Աւարտական հանգրուանին Կարապետեան վաստկեցաւ 242,4 կէտ եւ լայն տարբերութեամբ գերազանցելէ ետք իր մրցակիցները բարձրացաւ...

Page 3 of 1274 1 2 3 4 … 1,274

Արխիւներ