Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան մրցումներուն Մարիանա Սահակեան 13-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Լիբանանի ախոյեան` մրցանիշ հաստատելով:
ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկը, որ Հայաստանէն տեղափոխուած էր Պէյրութ, 2004-էն սկսեալ դարձած էր ախոյեան` ապացուցելով, որ տարիքը երբեք պատճառ չէ չմնալու բարձունքին վրայ:
49 տարեկան Մարիանա Սահակեան 2004-ին, 2005-ին, 2007-ին, 2014-ին, 2015-ին, 2016-ին, 2017-ին, 2018-ին, 2019-ին, 2021-ին, 2022-ին եւ 2023-ին կրցած էր շահիլ ախոյեանութիւնը, եւ այս տարի կրկնեց իր յաջողութիւնը 13-րդ անգամ ըլլալով, ինչ որ 1948-էն ի վեր Լիբանանի մրցանիշ մըն է:
Նշենք, որ Մարիանա Սահակեան 2016-ի եւ 2024-ի ողիմպիական խաղերուն ալ ներկայացուցած է Լիբանանը:


