. «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն վերջնականապէս որոշեց պատժել Սերպիոյ ազգային խումբը, որ ցեղապաշտական կանչեր արձակած էր Ազգերու լիկայի մրցաշարքին, Յունաստանի եւ Նետերլանտներու դէմ մրցումներուն:
Սերպիա իր յաջորդ մրցումը դռնփակ պիտի կատարէ Գերմանիոյ դէմ, ինչպէս նաեւ 50 հազար եւրօ տուգանք պիտի վճարէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին:
Սերպիա պիտի փորձէ «մեղմացնել» պատիժը` միայն պատանիներու առիթ տալով եւ 2 հազար գերմանացի համակիրներուն, բայց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն մինչեւ օրս համաձայն գտնուած չէ այս առաջարկին: Նախապէս Խրուաթիա նոյն ձեւի վերաբերմունք ունեցած էր Անգլիոյ դէմ մրցումի մը ընթացքին:
. ՎԻՆԻՍԻՈՒՍ Ժունիորի ապագան լրջօրէն վտանգուած է Ռէալ Մատրիտի հետ: «Լա լիկա»-ի իր վերջին մրցումին, պրազիլցի յառաջապահը Վիարէալի մրցակիցի մը մազերը քաշելէ ետք վտարուած էր դաշտէն եւ աւելի ուշ 4 մրցումով կախակայուած էր: Ֆետերասիոնը հաստատեց, որ կարմիր քարտին պատճառով ան 2 մրցումով կախակայուած էր, եւ 2 մրցումներ եւս կախակայուած էր կարմիր քարտ ստանալէն ետք իրաւարարին ու անձնակազմի հասցէին կարծր բողոքներուն եւ արտայայտութեանց համար: Ռէալի յաջորդ մրցակիցներն են Սեւիլիա, Պարսելոնա, Ռասինկ Սանթանտեր եւ Վալենսիա:
Ժխտական մթնոլորտ սփռող պրազիլցի մարզիկը շատ հաւանաբար երկար չդիմանայ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած խումբին հետ եւ միանայ Սէուտական Արաբիոյ խումբերէն մէկուն, մանաւանդ որ միայն անոնք կրնան գոհացնել իր նիւթական պահանջները:
. ԻՆԹԵՐ Միլանի գլխաւոր մարզիչ Քրիսթիան Քիվու վերջերս հարցազրոյցի մը ընթացքին ընդարձակ ձեւով անդրադարձած է Հենրիխ Մխիթարեանին:
«Ան կարեւոր խաղցող է ոչ միայն մեզի, այլեւ եւրոպական եւ միջազգային ֆութպոլին համար, որովհետեւ ան չափազանց բարձր նշաձող սահմանած է բոլորին համար թէ` դաշտին վրայ, եւ թէ՛ ալ դաշտէն դուրս իր քայլերով ու ամէնօրեայ քրտնաջան աշխատանքով: Կը կարծեմ, որ ան այնպիսի օրինակ է, որուն պէտք է հետեւին բոլոր երիտասարդ խաղցողները` անոր մէջ տեսնելով այնպիսի առաջնորդ, ինչպիսին իւրաքանչիւրը պէտք է ձգտի դառնալ, քանի որ ան ասիկա կ՛ընէ ուրիշին համար` հոգ տանելով բոլորին: Ան գիտէ, թէ որքա՛ն պէտք է աշխատի, որպէսզի բոլոր խմբակիցները հետեւին իրեն»:
«Ան Ինթերի համար շատ կարեւոր ֆութպոլիստ է, եւ չեմ փափաքիր թերագնահատել այն ամէնը, որ ան մեզի կու տայ դաշտին մէջ, որովհետեւ ճիշդ այդ պատճառով ալ այս տարեշրջանին համար ընտրեցինք զինք: Ան որոշակի պահերուն կրնայ օգնել խումբին իր փորձառութեամբ, գիտելիքներով, վարպետութեամբ եւ դաշտին վրայ ցուցաբերած վարքագիծով: Ան այս տարիքին շատ հաւանաբար չի կրնար երեք օրը մէկ խաղերուն ներկայ ըլլալ, բայց միշտ գիտենք, որ պատրաստ է իր առաւելագոյնը տալու դաշտին վրայ, երբ որ ալ պէտք ունենանք իրեն», ըսաւ Քիվու:


