«Չեմփիընզ լիկ»-ի 3-րդ շաբթուան «սպասուած մրցում»-ը տեղի պիտի ունենայ այսօր ժամը 22:00-ին, այժմու լաւագոյն երկու ակումբներուն` Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պարսելոնայի միջեւ:
Ճիշդ է, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ին մէջ իր լաւագոյն վիճակով չէր սկսած, բայց «Չեմփիընզ լիկ»-ի վերջին երկու տարիներու ախոյեանը յարմար պահուն շատ լաւ ելոյթ կը ցուցաբերէ, ինչպէս պատահեցաւ անցեալ շաբաթ Մանչեսթըր Սիթիի դաշտին վրայ (2-4):
Պարսելոնա գրեթէ անսխալ ֆութպոլ կը կիրարկէ, եւ այս տարեշրջանին իր կատարած բոլոր մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտած է թէ՛ «Լա լիկա»-ի մէջ, թէ՛ «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով:
Միջնապահ Ռոտրի կը կարծէ, թէ Փարիզ Սեն Ժերմեն այս պահուն աշխարհի լաւագոյն խումբն է, եւ այդ մէկը լուրջ փորձ մը պիտի ըլլայ գիտնալու իր ակումբին` Պարսելոնայի մակարդակը:
Վաղը, Գերմանիոյ մէջ, Պայերն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Արսենալը: Անցեալ տարի նոյն խումբերը մրցած էին Լոնտոնի մէջ, ուր Արսենալ 3-1 արդիւնքով կրցած էր յաղթել: Այդ օր երկու խումբերն ալ բացականեր ունէին, բայց Արսենալ շատ աւելի լաւ պահեստի մարզիկներ ունենալով կրցած էր յաղթել:
Այս տարի ալ կացութիւնը գրեթէ նոյնն է: Անգամ մը եւս Մուսխալա կը բացակայի (անցեալ տարուան նման), մինչ Մայքըլ Օլիսէ անցեալ մրցումին կարմիր քարտ ստացած էր (անցեալ տարի ալ Լուիս Տիաս նոյն վիճակին մէջ էր) եւ պիտի բացակայի վաղուան մրցումէն, մինչ խումբին կոլ-սքորըր Հերի Քէյն բոլոր մարզիկներէն կը պահանջէ իրենց առաւելագոյնը տալ բացակաները լաւ ձեւով փոխարինելու համար: Լենարտ Քարլ եւ Սերժ Կնապրի վերջերս լաւ ելոյթներ չեն ունենար, եւ վստահաբար այս զոյգէն մէկը պիտի փոխարինէ Օլիսէն:
Արսենալէն պիտի բացակային ֆրանսացի Ուիլիամ Սալիպա եւ յոյն Խրիսթոս Ցոլիս, մինչ սպանացի միջնապահ Մարթին Սուպիմենկի տակաւին լաւապէս դարմանուած չէ եւ կրնայ պահեստներու աթոռէն սկսիլ մրցումը: Բայց Միքել Արթիթա մեծ թիւով պատրաստ մարզիկներ ունի, եւ ոեւէ մէկը փոխարինելը այդքան ալ չ՛ազդեր Արսենալի ելոյթներուն վրայ:
Պայերնի միակ չնչին առաւելութիւնը կրնայ ըլլալ «Ալիանց Արենա»-ն, ուր մթնոլորտը կրնայ դրական ազդել Պայերնի համար:
Ստորեւ` 3-րդ շաբթուան յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
ԺԱՄԸ 19:45-ԻՆ
Սապահ Պաքու – Տորթմունտ
Ֆեներպահչէ – Սլաւիա Փրակա
ԺԱՄԸ 22:00-ԻՆ
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պարսելոնա
Մանչեսթըր Սիթի – ԱԷՔ Աթէնք
Շթութկարթ – Աթլեթիքօ Մատրիտ
Լիվըրփուլ – Վիարէալ
Ֆ. Ք. Փորթօ – ՓՍՎ Այնտհովըն
Ա. Էս. Ռոմա – Սլովան Պրաթիսլաւա
Նափոլի – Պոտօ Կլիմթ
ՎԱՂԸ
ԺԱՄԸ 19:45-ԻՆ
Քոմօ – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Լիլ – Կալաթասարայ
ԺԱՄԸ 22:00-ԻՆ
Պայերն Միւնիխ – Արսենալ
Ռէալ Մատրիտ – Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Ինթեր Միլան – Շախթիոր Տոնեթցք
Ֆ. Ք. Պրիւժ – Լանս
Ասթոն Վիլա – Վայքինկ
Պեթիս – Ֆեյենուրտ
Սփորթինկ Լիզպոն – Լասք


