Մարզական

Ըմբշամարտ.  Արամայիս Յարութիւնեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

Ըմբշամարտ. Արամայիս Յարութիւնեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արամայիս Յարութիւնեան (130 քկ) շատ հետաքրքրական յաղթանակ արձանագրեց Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Մազայիմ Մարտանովի դէմ, Լաս Վեկասի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ տեղի ունեցող մինչեւ 23 տարեկաններու ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան: Մենամարտը վերջ գտաւ 5-5 արդիւնքով, բայց յաղթանակը շնորհուեցաւ Յարութիւնեանին, որ վերջին կէտը շահեցաւ: Մրցումի ընթացքին հայ ըմբիշը կը պարտուէր 5-0 արդիւնքով, բայց Յարութիւնեան ինքզինք գտաւ եւ տպաւորիչ վերադարձով 5 յաջորդական...

Հեծելարշաւ.  Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը

Հեծելարշաւ. Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած հեծելարշաւի արաբական խաղերու վերջին օրուան մրցումներուն, Լիբանանի աղջկանց հաւաքականը ճամբու վրայ տեղի ունեցած մրցումին շահեցաւ աղջկանց պրոնզէ մետալը` Լիբանանի շահած մետալներու թիւը հասցնելով 5-ի: Աղջկանց հաւաքականը կը կազմուէր Ռամոնա Խալիֆէ, Թամարա Զէյն եւ Քարոլ Պոյաճեան եռեակէն: Այս ձեւով 19 տարիներու դադարէ ետք, Սուրիոյ հիւրընկալած հեծելարշաւի արաբական ախոյեանութեան մրցաշարքը (մայրաքաղաք Դամասկոսի եւ շրջակայքի Զարզար լիճի շրջան) հիւրընկալեց...

Ծանրաբարձութիւն.  Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Հայ ծանրաբարձ Ալեքսանտրա Գրիգորեան դարձաւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան Եւրոպայի ախոյեան: Ալպանիոյ Տուրրիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի 57 քկ կշիռի ներկայացուցիչ մարզիկը կրցաւ նուաճել երեք ոսկի մետալ` Արաշէի, էփոլէ-ժըթէի եւ երկամարտի արդիւնքներով: Գրիգորեան 202 քկ երկամարտի արդիւնք ձեռք ձգեց (112 քկ + 90 քկ)` իր ամէնէն մօտիկ մրցակիցէն 9 քկ առաւելութիւն ունենալով: Արծաթ մետալ շահեցաւ ռումանացի...

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ».  Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ». Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը

Ասիոյ ֆութպոլի «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2026-2027 տարեշրջանի Արեւմտեան գօտիի 2-րդ հանգրուանի իր մրցումին, Սէուտական Արաբիոյ Նասր ակումբը 3-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ուզպեքիստանը ներկայացնող Նեֆչի Ֆարկոնա խումբը: Նասրի եւ Փորթուգալի հաւաքականի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր արհեստավարժ ասպարէզի 981-րդ կոլը նշանաեց այս մրցումին` նշանակելով Նասրի երկրորդ կոլը: Պրազիլցի Անկելօ 33-րդ վայրկեանին բացած էր մրցումին հաշիւը, եւ Ռոնալտօ 42-րդ վայրկեանին նշանակած էր Նասրի...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ինթեր Միլան Պարտուեցաւ. Պայերն Հաւասարեցաւ

«Չեմփիընզ Լիկ». Ինթեր Միլան Պարտուեցաւ. Պայերն Հաւասարեցաւ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի Բ. շաբթուան առաջին օրուան մրցումներուն, Ինթեր Միլան իր դաշտին վրայ 3-4 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Պելճիքայի Ֆ. Ք. Պրիւժէն: Պրիւժի աստղերէն մէկն էր Ինթեր Միլանի նախկին բերդապահ Եան Զոմեր, որ մօտ 9 առիթներ զսպեց` փրկելով Պրիւժը աւելի քան 3 կոլեր ստանալէ: Գերմանացի յառաջապահ Նիքոլօ Թրեզոլտի հեթ-թրիք իրագործեց ի նպաստ Պրիւժի, որ պահ...

Ինթեր Միլանի Եւ Պրայթընի  Յատուկ Ցուցանիշները

Ինթեր Միլանի Եւ Պրայթընի Յատուկ Ցուցանիշները

Անցեալ շաբաթավերջին վերսկսած էին Եւրոպայի լաւագոյն 5 ախոյեանութիւնները, ուր տեղի ունեցան ակումբներու մրցումները: Ինթեր Միլանի յառաջապահ Փեթար Սուչիչ Փարմայի դէմ մրցումին կոլ նշանակելէ ետք, այս տարեշրջանին դարձաւ Ինթերի 10-րդ մարզիկը, որ կոլ կը նշանակէ 6 մրցումներէ ետք: Եւրոպայի 5 լաւագոյն ախոյեանութիւններուն մէջ միայն այլ խումբ մը եւս կայ` Անգլիոյ Պրայթընը, որ իր կարգին 6 մրցումներու ընթացքին ունի 10 տարբեր մարզիկներ,...

Տոնա Ճին Ուայլտի Նոր Մրցանիշը

Տոնա Ճին Ուայլտի Նոր Մրցանիշը

5 ժամուան ընթացքին շատ բաներ կրնայ ընել մէկը, օրինակ` կրնայ Թորոնթոյէն Վանքուվըր ճամբորդել... կոլֆի խաղ մը խաղալ կամ նոյնիսկ մարաթոն վազել միջակ արագութեամբ: 61 տարեկան կին մը` Տոնա Ճին Ուայլտ, իր անձնական մրցանիշը բարելաւեց 5 ժամ փլանք կատարելով, Եութայի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի վեթերաններու խաղերուն ընթացքին: 2024-ին Ուայլտ, որ 12 թոռներ ունի, 4 ժամ 30 վայրկեան եւ 11 երկվայրկեան նշանակած...

Մարատոնայի Մահուան Պատճառ Դառնալու Համար  4-էն 12 Տարուան Բանտարկութեան Պահանջ

Մարատոնայի Մահուան Պատճառ Դառնալու Համար 4-էն 12 Տարուան Բանտարկութեան Պահանջ

45 դատական նիստերէ եւ վկաներու ու մեղադրեալներու կողմէ տրուած աւելի քան 100 վկայութիւններէ ետք, պաշտպանական եւ մեղադրող կողմերը անցած են աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ Տիեկօ Մարատոնայի մահուան հարցով դատավարութեան աւարտական ճառերուն: Մարատոնա 60 տարեկանին մահացած էր 25 նոյեմբեր 2020-ին` սրտի անակնկալ կաթուածէ մը ետք, ուղեղի վիրաբուժութենէ ետք ապաքինման ժամանակաշրջանին, իր տան մէջ: Անցեալ ապրիլէն ի վեր բժշկական անձնակազմի անդամներ կը դատուին Սան...

Հեծելարշաւ.  Լիբանան 4-րդ Պրոնզէ Մետալ Մըն Ալ Շահեցաւ

Հեծելարշաւ. Լիբանան 4-րդ Պրոնզէ Մետալ Մըն Ալ Շահեցաւ

Լիբանանի հեծելարշաւի հաւաքականը կը շարունակէ իր յաջող ելոյթները` Արաբական երկիրներու հեծելարշաւի ախոյեանութեան մրցումներուն, զորս կը հիւրընկալէ Սուրիան, 19 տարուան դադարէ մը ետք: 6-րդ օրուան մրցումներուն, Լիբանան ձեռք ձգեց իր 4-րդ պրոնզէ մետալը Ռամոնա Խալիֆէի շնորհիւ, որ 3-րդ դիրքը գրաւեց անհատական աղջկանց ժամացոյցի դէմ մրցումին (25 քմ): Սոֆիա Սայէղ եւ Զահրա Հիւսէյն (երկուքն ալ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն) յաջորդաբար գրաւեցին առաջին եւ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Փարիզ Սեն Ժերմեն

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Փարիզ Սեն Ժերմեն

«Չեմփիընզ լիկ»-ի այսօրուան մրցումներուն, վերջին երկու տարիներու տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի մեկնի Անգլիա` մրցելու համար Մանչեսթըր Սիթիի դէմ: երկու խումբերն ալ շատ լաւ վիճակի մէջ չեն վերջերս: Փարիզ Սեն Ժերմեն բաւական ձախող ձեւով սկսելէ ետք տարեշրջանը, վերջին մրցումներուն համեմատաբար աւելի լաւ կը խաղայ կամ աւելի լաւ արդիւնք ձեռք կը ձգէ: Մանչեսթըր Սիթի անգամ մը եւս պիտի փորձէ կեդրոնանալ մրցումին...

Բռնցքամարտ.  Այսօր Կը Սկսի Երիտասարդներու  Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

Բռնցքամարտ. Այսօր Կը Սկսի Երիտասարդներու Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ պատանիներու (17 տարեկանէն վար) Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցելէ ետք, Հայաստանի բռնցքամարտի երիտասարդներու (19 տարեկանէն վար) հաւաքականը նոյն քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի աշխարհի ախոյեանութեան: Հայաստանի հաւաքականը կը մասնակցի 9 ներկայացուցիչներով` գլխաւորութեամբ մարզիչ Կարէն Աղամալեանի: Մրցումները տեղի պիտի ունենան «Մետիթերենիըն Սփորթց Սենթըր»-ի մարզահամալիրին մէջ: Ստորեւ` 9 անդամներուն անունները. ՏՂԱՔ 55 քկ - Հայկ Կարապետեան 60 քկ - Արթուր...

Թենիս.  Ալքարաս Դուրս Մնաց Շանկհայի Մրցաշարքէն. Զվերեւ` Թիւ 1…

Թենիս. Ալքարաս Դուրս Մնաց Շանկհայի Մրցաշարքէն. Զվերեւ` Թիւ 1…

7 անգամ կրան շլեմի տիտղոսակիր Քարլոս Ալքարաս անակնկալ պարտութիւն կրեց պելճիքացի Զիզու Պերկզէն 7-5 եւ 7-6 արդիւնքով, Շանկհայի (Չինաստան) թենիսի մրցաշարքի Գ. հանգրուանին: Այս արդիւնքով ալ հաստատուեցաւ, թէ գերմանացի թենիսմեն Ալեքսանտր Զվերեւ տարին պիտի աւարտէ թիւ 1 դիրքին վրայ: Ճափոնի տիտղոսը շահելէ ետք կը կարծուէր, որ Ալքարաս վերագտած է իր մակարդակը դաստակի վիրաբուժութենէ ետք, բայց ան 2 ժամուան պայքարէ ետք...

«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափեն Պատմութեան Լաւագոյն 5-ին Միացաւ

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափեն Պատմութեան Լաւագոյն 5-ին Միացաւ

Մաքս Վերշթափեն պատմութիւն կերտեց «Ֆորմիւլա 1»-ի վերջին կրան փրիին, երբ ձեռք ձգեց 50-րդ փոլ-փոզիշընը` միանալով այլ 4 վարորդներու, որոնք 50-ի սահմանը հասած են: Վերջին վարորդը, որ 50-րդ փոլ փոզիշընը շահած էր (2017-ին), գերմանացի Սեպասթիան Ֆեթելն էր, Մեքսիքայի կրան փրիին: Ֆեթել իր առաջին փոլ փոզիշընը շահած էր 21 տարեկանին` այդ օրերուն դառնալով ամէնէն երիտասարդ վարորդը (2008-ին, Իտալիոյ մէջ): Այդ մրցանիշը բարելաւեց...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քայրիի Վերադարձը Եւ Աղջկանց Աւարտականը

«Էն. Պի. Էյ.» Քայրիի Վերադարձը Եւ Աղջկանց Աւարտականը

Քայրի Ըրվինկ 600 օր բացակայելէ ետք վերադարձաւ պասքեթպոլի դաշտ` մասնակցելով Հիուսթըն Ռոքեթցի դէմ Տալաս Մեւրիքսի փորձ-մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Չինաստանի մէջ: Վերջին անգամ 3 մարտ 2025-ին էր, որ Քայրի խաղցած էր Տալասի հետ, ուր պատռած էր ձախ ծունկի ետեւի խաչաձեւ մկանի կապանները (Էյ. Սի. Էլ.): «Տպաւորիչ էին... ֆիզիքական վիճակը, հոգեկան պատրաստութիւնը, եւ առաջին անգամ փորձի պահուն, երբ տեսայ, ըսած էի,...

Հեծելարշաւ.  Լիբանանի Երիտասարդները` Պրոնզէ Մետալակիր

Հեծելարշաւ. 3-րդ Պրոնզէ Մետալ` Լիբանանի

Արաբական երկիրներու հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը կը շարունակուի Սուրիոյ մէջ, ուր Լիբանանի տղոց հաւաքականը երրորդ պրոնզէ մետալ կրցաւ ապահովել ժամացոյցի դէմ տղոց խմբային մրցումներուն: Տղոց հաւաքականը կը կազմուէր Նաֆէզ Քամալետտին, Էսքանտար Փանայոթ, Խալիլ Ասմար եւ Ազիզ Մանէհ քառեակով:

Պասքեթպոլ. Աթլաս Ֆորզոլ Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ. Թատամոն Հարաժել Մնաց Ա. Դասակարգ

Պասքեթպոլ. Աթլաս Ֆորզոլ Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ. Թատամոն Հարաժել Մնաց Ա. Դասակարգ

Լիբանանի Բ. դասակարգի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականի մրցումները վերջ գտան, եւ Աթլաս Ֆորզոլ վերստին բարձրացաւ Ա. դասակարգ` աւարտականին յաղթելէ ետք Լիտըրզ Չեմփսի` 3-1 արդիւնքով: 4-րդ ճակատումին, Աթլաս կրցաւ Հազմիէի մէջ յաղթել Լիվըրզի` 68-60 արդիւնքով: Ապպաս Շուման ընտրուեցաւ մրցումի լաւագոյն մարզիկ, մինչ Լիոնել Լահուտ դարձաւ լաւագոյն կոլ-սքորըրի տիտղոսակիրը: Սկզբունքով Լիտըրզ պիտի մրցէր Թատամոն Հարաժելի դէմ, բայց Լիտըրզ նախընտրեց մնալ Բ. դասակարգ: Թատամոն...

Բռնցքամարտ.  Յակոբ Շարբաթեան Եւրոպայի Ախոյեան

Բռնցքամարտ. Յակոբ Շարբաթեան Եւրոպայի Ախոյեան

Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ վերջ գտաւ բռնցքամարտի Եւրոպայի պատանիներու (17 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը: Վերջին օրուան մրցումներուն, հայ բռնցքամարտիկ Յակոբ Շարբաթեան ոսկի մետալ նուաճեց մինչեւ 50 քկ կշիռի մրցումներուն, աւարտականին յաղթելէ ետք ռումանացի Ալեքսանտրու Պութանի` 3-2 արդիւնքով: Մինչեւ 66 քկ կշիռի աւարտականին Ռոմիկ Յարութիւնեան 4-1 արդիւնքով պարտուեցաւ իտալացի Ռաուլ Պարոնէէն եւ դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան` նուաճելով արծաթէ մետալ: Նշենք, թէ 52 քկ...

Զախարեանի Կոլը Օգնեց  Սոսիետատի Յաղթանակին

Զախարեանի Կոլը Օգնեց Սոսիետատի Յաղթանակին

Սպանիոյ Լա լիկայի 8-րդ հանգրուանին, Ռէալ Սոսիետատ իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տեփորթիւօ Քորունան: 29-րդ վայրկեանին յետսապահ Ժոն Մարթին նշանակեց Սոսիետատի առաջին կոլը: 5 վայրկեան ետք Արսէն Զախարեան, որ այս տարեշրջանին առաջին անգամն ըլլալով մաս կը կազմէր հիմնական կազմին, հեռուէն ուժգին հարուածով նշանակեց Սոսիետատի 2-րդ կոլը: Զախարեան Լա լիկայի նախկին տարեշրջանին կոլ մը նշանակած էր անցեալ փետրուարին: Բ....

Էնտրու Տարագճեանի Սքանչելի Կոլը

Էնտրու Տարագճեանի Սքանչելի Կոլը

Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու ֆութպոլի մրցումներուն, հայ ֆութպոլիստ Էնտրու Տարագճեան շատ գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց իր խումբին` Միչիկըն Սթէյթի հետ, Մերիլենտի բերդէն ներս: Միչիկըն, որ 19-րդ դիրքը կը գրաւէ այս տարեշրջանին, կրցաւ շատ աւելի զօրաւոր մրցակիցներու դէմ դրական արդիւնքներ ձեռք ձգել: Անոնք 2018-էն ի վեր Մերիլենտի չէին կրցած յաղթել: Տարագճեան մրցումին հերոսն էր եւ 67-րդ վայրկեանին նշանակեց իր խումբի յաղթանակի կոլը,...

Ֆորմիւլա 1.  Մաքս Վերշթափեն Յաղթեց Սինկափուրի Կրան Փրին

Ֆորմիւլա 1. Մաքս Վերշթափեն Յաղթեց Սինկափուրի Կրան Փրին

Իր մարզական ասպարէզին մէջ առաջին անգամն ըլլալով նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերշթափեն իր «Ռետ Պուլ»-ով կրցաւ ամբողջական շաբաթավերջ մը ունենալ շաբաթ օր շահելով սփրինթի մրցումը եւ կիրակի օր` Կրան Փրին: Ան շահած էր նաեւ երկու մրցումներուն փոլ փոզիշընը: Վերշթափեն 7.335 երկվայրկեանի առաւելութիւն ունեցաւ Ֆեռարիի Շարլ Լըքլերի վրայ, մինչ ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը գրաւող Քիմի Անթոնելլի գրաւեց երրորդ դիրքը` ամբողջացնելով պատուոյ հարթակը: 4...

Page 4 of 1274 1 … 3 4 5 … 1,274

Արխիւներ