Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Ճուտ Պելինկհամ վերջերս արտայայտած է իր ակումբին հետ 150-րդ յոբելեան հանդիպումը կատարելու գծով, ինչպէս նաեւ խօսած է ակումբին մէջ ներկայիս իր դերին մասին:
Անգլիացի միջնապահին համար 150-րդ ելոյթը տեղի ունեցած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին` Ռոմայի դէմ: Ակումբի մարզական կեդրոնին մէջ յատուկ յուշանուէր-մարզաշապիկ ստանալէ ետք Պելինկհամ ըսաւ. «Չափազանց երջանիկ ու հպարտ եմ: Այս ակումբին հետ խաղալը միշտ հաճելի է ինծի համար, եւ յոյսով եմ, որ այս ամէնը երկար շարունակուի: Ռէալը ինծի համար շատ մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ան աշխարհի մեծագոյն ակումբն է: Մեծ պատիւ է այստեղ խաղալ եւ հասնիլ 150 մրցումի սահմանին: Ես ընդամէնը 23 տարեկան եմ, եւ ինծի արդէն վեթերան կ՛անուանեն… Շատ ուրախ եմ ակումբին մէջ իմ դերովս, եւ յոյսով եմ, որ մենք կը շարունակենք աճիլ ու տիտղոսներ նուաճել: Կրնան դժուար հանդիպումներ ըլլալ, բայց մենք կը յաղթենք այդ բոլոր դժուարութիւններուն: Պարզապէս պէտք է շարունակենք աշխատիլ եւ կատարելագործուիլ»:
Նշենք, որ Ճուտ Պելինկհամ Ռէալի տարազը կը կրէ 2023-2024 տարեշրջանէն ի վեր, իր 4-րդ տարեշրջանը ըլլալով: Այս տարեշրջանին 23 տարեկան Պելինկհամ 10 հանդիպումներու մասնակցած է` նշանակելով 3 կոլ եւ կատարելով 2 էսիսթ:


